2014-11-08 09:00:47

Ս. Աթոռը` Քրիստոնեաներն ու ''Սիխ'' համայնքի անդամները միասին, աննշան յետիններուն պաշտպանութեան ի խնդիր։


(Ռ.Վ. 8 նոյեմբեր 2014) Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդը սիխերու Բրաքաշ Տիվաս տօնին առթիւ պատգամ մը ուղղած է. ''քրիստոնեաներն ու սիխերը միասնաբար ձեռք ձեռքի տուած եղբայրօգնութեան ի խնդիր'' բնաբանով։ Այս տօնով սիխ համայնքը կը տօնախմբէ իրեն հիմնադիրը` Կուրու Նանք (1469-1539)։ Նշենք որ սիխ բառը կը նշանակէ աշակերտ։ Սիխերը կը հաշուեն շուրջ 19 միլիոն ու անոնց մեծամասնութիւնը կ'ապրի Հնդկաստանի Բունժաբ մարզին մէջ։
Հնդկաստանէն դուրս կ'ապրին շուրջ մէկ միլիոն սիխեր, որոնք մասնաւորապէս հաստատուած են Անգլիա, Քանատա եւ ԱՄՆը։
Եղբայրօգնութեան սպասարկութիւնը, կը կարդանք պատգամին մէջ, կը գտնենք բոլոր կրօններու մէջ, բայց քրիստոնէութեան համար եղբայրօգնութիւնը կը մարմնանայ Յիսուսի անձին մէջ եւ անոր գործադրութեան եղանակը կը գտնենք բարի սամարացիի առակին մէջ։
Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը իր պատգամին մէջ դիտել կու տայ որ եղբայրօգնութիւնը սիխերու համար կը դրսեւորուի կարեկցութեան ու անշահախնդիր սպասարկութեան մէջ։ Եղբայրօգնութիւն կատարել կը նշանակէ շփումի մէջ մտնել աղքատին, կարօտեալին, հիւանդին, ալեհերին, անկարին, գաղթականին, փախստականին, շահագործուածին ու հարստահարուածին հետ։ Ուրիշին օգնութեան հասնիլ կը նշանակէ գիտակցութիւն ունենալ որ աննշանները, յետինները մեր եղբայրներն ու քոյրերն են ու անբաժան մէկ մասն են մեր միակ մարդկային մեծ ընտանիքին։
Պատգամը, հուսկ կը մաղթէ որ քրիստոնեաներն ու սիխերը վերագիտակցին եղբայրօգնութեան կարեւորութեան, անհատական թէ ընկերային մեր կեանքին մէջ եւ կը խնդրէ քաջալերել ուրիշները աշխատելու աշխարհի երջանկութեան, անդորրութեան ու խաղաղութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.